2015-11-29 10:33:00

Կեդրոնական Ափրիկէն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իղձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին յայտնեց թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ երկրի անկայուն իրավիճակին Ֆրանչիսկոս Պապ Ափրիկեան ցամաքամաս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէ ներս ուզած է անպայման այցելել Կեդրոնական Ափրիկէն` որ հանդիսացած է ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իղձը''։

Հայր Լոմպարտի ապա յոյս յայտնած  է որ այնտեղ եւս կարելի ըլլայ վկայել մօտիկութիւն եւ բարեկամութիւն ինչպէս նաեւ քաջալերանք` խաղաղութեան յանձնառումին որուն ամէնքը կը ձգտին։

Այս առընչութեամբ Ռատիովատիկանի թղթակից Ռոմիլտա Ֆերրաութօ յայտնեց թէ Կեդրոնական Ափրիկէի հաւատացեալները մեծ յոյսով եւ խանդավառութեամբ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ժամանումին։

Յետին աղքատութեան եւ երկրին յետամնաց դրութեան պատճառաւ կարելի չէ ոչ օրաթերթերու եւ ոչ ալ հեռուստակայանի միջոցներով լուրեր քաղել կամ լուրերուն հետեւիլ սակայն ''ըսի ըսաւներու'' միջոցաւ լուրերը անմիջապէս կը հասնին ամենուրէք եւ այսպէսով է որ շատ մը հաւատացեալներ պիտի կարենան հետեւիլ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատմական եւ յուսալից այս առաքելական այցելութեան, որուն նկատմամբ ապահովական մեծ քայլեր առնուած են, երկրին անկայուն իրավիճակին ի տես։

Յայտնենք թէ Կեդրոնական Ափրիկէի առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսն է ''Անցնինք ծովուն միւս ափը''








All the contents on this site are copyrighted ©.